Tüm KategorilerÇok SatanlarYayınevleriYazarlarYurt Dışı SiparişlerSıkca Sorulan SorularBlogSipariş Takibiİletişim
Takavorn U Dzovi (Kral İle Deniz)

Takavorn U Dzovi (Kral İle Deniz)

«Թագաւորն ու ծովը», որ արդի մանկական գրականութեան դասականացած համաշխարհային նմոյշներէն մէկն է եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ, Այչա Սապունճուօղլուի բարձրորակ թարգմանութեամբ ու թարմացուած խմբագրութեամբ դարձեալ ձեզի հետ է։Թագաւորի մը հանդիպումը ծովու, շուքի, անձրեւի եւ ամպի, գիշերուան ու երկնքի, ուրուականի, ծառի եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկայի հետ… Երբեմն ինքզինք տկար զգալուն պատճառով բարկացող, երբեմն իր ուժին պատճառով զարմացող, երբեմն ալ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։ Իւրաքանչիւր հեքիաթ մեծ թէ պզտիկ, ամէն տարիքէ ընթերցողը անզգալաբար կ՚առաջնորդէ երկար մտածումներու։ Պարզ, սակայն քնարական այս  քսանմէ կ հեքիաթը, որ ի յայտ կը բերէ մրցանակակիր գրող Հայնց Եանիշի վարպետութիւնը, համահունչ է մրցանակակիր գծագրող Վոլֆ Էրլպրուխի իւրայատուկ նուազապաշտական նկարներուն ու քոլաժներուն հետ, ինչ որ գրքին կը պարգեւէ անզուգական ամբողջականութիւն մը։ Մանուկներու՝ իմաստասիրական ու մտածելու դաստիարակութեան համար լաւ սկզբնաւորութիւն մը կրնայ նկատուիլ «Թագաւորն ու ծովը»ի հեքիաթները, զորս ան կրկին ու կրկին պիտի կարդայ եւ ամէն անգամ վերստին պիտի յիշէ այդ փոքրիկ թագաւորը, որ պահուած է իւրաքանչիւրիս մէջ։
Yazar:Heinz Janisch
Çevirmen:Sevan Değirmenciyan
Sayfa Sayısı:48
Dil:Ermenice
Isbn:9786057469274
Boyut:22 X 18.5 Cm
Cilt Tipi:Karton Kapak
Kağıt Cinsi:1. Hm. Kağıt
Yayın Tarihi:22.10.2021
260 TL
192,66 TL
Tahmini Kargoya Teslim:
2 gün içinde
Stok Durumu:
Stokta var
Takavorn U Dzovi (Kral İle Deniz)
«Թագաւորն ու ծովը», որ արդի մանկական գրականութեան դասականացած համաշխարհային նմոյշներէն մէկն է եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ, Այչա Սապունճուօղլուի բարձրորակ թարգմանութեամբ ու թարմացուած խմբագրութեամբ դարձեալ ձեզի հետ է։
Թագաւորի մը հանդիպումը ծովու, շուքի, անձրեւի եւ ամպի, գիշերուան ու երկնքի, ուրուականի, ծառի եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկայի հետ… Երբեմն ինքզինք տկար զգալուն պատճառով բարկացող, երբեմն իր ուժին պատճառով զարմացող, երբեմն ալ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։ Իւրաքանչիւր հեքիաթ մեծ թէ պզտիկ, ամէն տարիքէ ընթերցողը անզգալաբար կ՚առաջնորդէ երկար մտածումներու։ Պարզ, սակայն քնարական այս  քսանմէ կ հեքիաթը, որ ի յայտ կը բերէ մրցանակակիր գրող Հայնց Եանիշի վարպետութիւնը, համահունչ է մրցանակակիր գծագրող Վոլֆ Էրլպրուխի իւրայատուկ նուազապաշտական նկարներուն ու քոլաժներուն հետ, ինչ որ գրքին կը պարգեւէ անզուգական ամբողջականութիւն մը։ Մանուկներու՝ իմաստասիրական ու մտածելու դաստիարակութեան համար լաւ սկզբնաւորութիւն մը կրնայ նկատուիլ «Թագաւորն ու ծովը»ի հեքիաթները, զորս ան կրկին ու կրկին պիտի կարդայ եւ ամէն անգամ վերստին պիտի յիշէ այդ փոքրիկ թագաւորը, որ պահուած է իւրաքանչիւրիս մէջ։

Son Gezdiğiniz Ürünler

Başa dön
© 2026 | powered by: mufaTech e-ticaret altyapısı